2016-02-05 09:46:00

Կարդինալ Սանտրի` 5-8 Փետրուար կ՛այցելէ Կիպրոսը։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը յայտնէ թէ Ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, ընդառաջելով Կիպրոսի մարոնիներու առաջնորդ արքեպիսկոպոս Ժոզէֆ Սֆէյրի հրաւէրին այցելելու իր եկեղեցին ս﹒ Մարոնի տօնին առթիւ,  Փետրուար ամսուայ 5-ին Կիպրոս կը մեկնի։ Այնտեղ կեցութեան ընթացքին Ծիրանաւորը  հանդիպումներ կ՛ունենայ կղզիի հանրապետութեան նախագահ Nicos Anastasiades-ի  և յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետ Chrysostomos II-ի հետ, ինչպէս նաեւ Կիպրոս կղզի բնակութիւն հաստատած կրօնաւորներու ու կրօնաւորուհիներու հետ։

7 Փետրուարին, տօն ս﹒ Մարոնի`Կարդինալ Սանտրի պիտի նախագահէ ս﹒ Պատարագի արարողութիւնը։

Կարդինալ Սանտրիին կ՛ընկերանան վերոյիշեալ ժողովին ենթաքարտուղարը տոմենիքեան հայր Լորենցօ Լօ Ռուսօ եւ Կիպրոսի ու Երուսաղէմի առաքելական դեսպանութեան խորհրդատու` գերապայծառ Մաթթէօ Տէ Մորի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.